image

Ֆրանսայի մէջ. Ձերբակալուած են դեռահասներ, որոնք ահաբեկչութիւն կը նախապատրաստէին

Ֆրանսայի մէջ. Ձերբակալուած են դեռահասներ, որոնք  ահաբեկչութիւն կը նախապատրաստէին

 

Ֆրանսայի ներքին անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան պաշտօնեաները հակաահաբեկչական հետաքննութիւններու շրջածիրէն ներս ձերբակալած են 17 եւ 18 տարեկան 2 դեռահաս: Այս մասին գրած է Le Parisien պարբերականը` յղում տալով իրաւապահ մարմիններու մօտ իր աղբիւրին:

Ըստ պարբերականի՝ դեռահասներէն մէկը ձերբակալուած է Մանթ-լա-Ժոլի համայնքին մէջ, միւսը՝ Մարսէյլի մէջ: Անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան նպատակով յանցաւոր համայնք կազմելու» համար:

Քննիչները կը պնդեն, որ ձերբակալուածներէն մէկը Telegram ալիքի վրայ արտայայտած է արմատական բնոյթի գաղափարներ, այնտեղ յայտնաբերուած են նաեւ «հաշուեյարդարի» մասին անոր հաղորդագրութիւնները:

Պարբերականը նշած է, որ երիտասարդները արդէն կանգնած են դատարանի առաջ: