image

Ժընեւ. Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի մասնակցութինը՝ GILPP-ի ժողովին (Ժողովի 3-րդ եւ վերջին օր)

Ժընեւ. Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի մասնակցութինը՝ GILPP-ի ժողովին (Ժողովի 3-րդ եւ վերջին օր)

Աւելի վաղ «Արեւելք» տեղեկագրած էր, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային մակարդակի համաժողովին մասնակցութիւն բերելուն մասին։ 

Նշենք, որ այդ կարեւոր ժողովին վերջին երկու օրերուն մասին հրապարակուած են երկու տարբեր թղթղակցութիւններ, որոնց երրորդ եւ վերջին թղթակցութիւնը «Արեւելք»ի հարթակով կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

 ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին մէջ գումարուած Geneva Institute of Leadership and Public Policy-ի համաժողովի եզրափակիչ նիստը համախմբեց տարբեր երկիրներէ եկած մասնակիցներ՝ խորացնելու քննարկումները ժամանակակից ղեկավարութեան, պատասխանատու կառավարման եւ համաշխարհային մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման շուրջ։ Հանդիպումը առանձնացաւ իր բովանդակային ուղղուածութեամբ՝ շեշտադրելով մարդակեդրոն մօտեցումները, միջմշակութային փոխըմբռնումը եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս այնպիսի աշխարհակարգի մէջ, ուր քաղաքական լարուածութիւններն ու պատերազմական զարգացումները կը պահանջեն աւելի գիտակից, բարոյական եւ հեռատես ղեկավարութիւն։

Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2026-ին Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Ժընեւի Հանրային Քաղաքականութեան եւ Ղեկավարութեան Հիմնարկի (GILPP) համաժողովին եզրափակիչ օրը՝ կիսօրեայ նիստով, ղեկավարութեան, կառավարման եւ համաշխարհային պատասխանատուութեան նիւթեր ունենալով։

Նիստը սկսաւ Էտուարդ Հէքըրի, Ալեքս Մեխիայի եւ Դոկտ. Հենրի Լ. Տինընի ողջոյնի խօսքերով, որոնք ընդգծեցին դիտաւորեալ ուսուցման, ղեկավարութեան պատրաստութեան եւ համայնքային ներդրումի կարեւորութիւնը։

Յաջորդ ներկայացումները շեշտեցին միջմշակութային փոխըմբռնումի եւ կարեկցական ղեկավարութեան դերը բազմազան եւ բարդ պայմաններու մէջ՝ ընդգծելով այնպիսի ղեկավարութեան անհրաժեշտութիւնը, որ կ՚ընկալէ տարբերութիւնները եւ կը նպաստէ մարդակեդրոն կառավարումի։ 

Ապա տեղի ունեցաւ համատեղ քննարկում, ուր տարբեր փորձառութիւններու համադրութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ արդի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման մէջ համագործակցութեան, բարոյական յանձնառութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան կարեւորութեան։ 

Օրակարգը եզրափակուեցաւ ամփոփումով եւ դիտարկումներով՝ մասնակիցները խրախուսելով շարունակելու իրենց ծառայութիւնը՝ համաժողովէն քաղած փորձառութեամբ եւ տեսլականով, միաժամանակ արտացոլելով նաեւ այն գաղափարները, որոնք կը ձեւաւորուին Միջին Արեւելքի ներկայ լարուածութիւններուն եւ պատերազմական պայմաններուն մէջ։