Սուրիա- («Ալ Քուտս»-Լոնտոն) Սուրիոյ դէպքերուն սկիզբէն ի վեր եւրոպական բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը Դամասկոս կ'այցելէ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս»պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ պատուիրակութեան կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Խաւիէր Քոսո: Կը փոխանցուի նաեւ, որ երկօրեայ այցով Դամասկոս ժամանած պատուիրակութիւնը ընդունուած է Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Տիկն. Հատիյա Ապպասին կողմէ եւ այցելութիւններ տուած Դամասկոսի գլխաւոր հիւանդանոցները: Եւրոպական այս պատուիրակութիւնը Սուրիոյ մարդասիրական կարիքներուն ծանօթանալն է, բայց չէ բացառուած, որ նոյնպէս քննարկութեան դրուին քաղաքական հարցերը: