Ապրիլ 24ի նախօրեակին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Ներկայացուցիչներու տան բեմէն ելոյթ մը ունենալով՝ դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, կոչ ընելով վերջինիս յստակօրէն ընդունիլ եւ 1915-ի աղէտները անուանել Հայոց Ցեղասպանութիւն։ Շիֆ մատնանշած է այն իրողութիւնը, որ այս տարի վերջին առիթն է Օպամային, որ իբրեւ նախագահ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Յիշեցնելով նախագահին, թէ ան յաճախ կ՛արտայայտուի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութեան մասին՝ Շիֆ այդ ծիրէն ներս առնուելիք կարեւոր քայլ մը նկատած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Շիֆ նաեւ խօսած է շատերու կողմէ «երկրորդ սպանութիւն» մը նկատուող Ցեղասպանութեան ուրացման վնասներուն մասին՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Օպամա պէտք է անտեսէ իր խորհրդականներուն այն սխալ պնդումը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անդարմանելի վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց։
«Ի՛նչ ալ ըսէք Ապրիլ 24ին, կասկած չկայ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր շահերով առաջնորդուիլ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ։ Մեր եւրոպացի դաշնակիցներէն շատերը, ներառեալ Ֆրանսիս պապը, ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, սակայն կը շարունակեն Թուրքիոյ հետ մօտիկ յարաբերութիւններ մշակել, որովհետեւ Թուրքիոյ շահերը այդ կը պահանջեն։ Նոյնը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք», յայտարարած է Շիֆ։
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ