Լիբանան- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ)-Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանը կրնայ թիրախ դառնալ Տահէշի ահաբեկիչներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Al Jadeed կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ Լիբանանի ապահովական մարմիններ օրեր առաջ յաջողած են շրջանի առեւտրական մեծագոյն Մոլին դէմ պատրաստուած ահաբեկչական յարձակում մը ձախողցնել: Էշրէֆիյէ շրջանի թաղապետ Անթուան Թոհմէ, որ այս մասին խօսած է Al Jadeed կայանին նաեւ յայտնած, որ շրջանի բանկիչները կ'ապրին վախի մթնոլորտ մը: Յիշեցնենք, որ ABC Mall-ը կը համարուի Պէյրութի մեծագոյն առեւտրական կեդրոններէն մին: