image

«Ես երախտապարտ եմ ձեր նման գործընկեր մ'ունենալու». «Ալ Մայատին» Ահա թէ ինչ խօսած են Սարքոզին եւ Քազաֆին

«Ես երախտապարտ եմ ձեր նման գործընկեր մ'ունենալու». «Ալ Մայատին» Ահա թէ ինչ խօսած են Սարքոզին եւ Քազաֆին

«Ալ Մայատին» (almayadeen.net) կայանը այսօր իր կայքին վրայ հրապարակած է Լիպիոյ   նախագահ Մուհամմար Քազաֆիին  եւ  Ֆրանսայի  նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին միջեւ 2007 թուականին եղած հեռախօսազրոյցին մանրամասնութիւնները:

 

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ սովորական բարեւտուքէ ետք երկու առաջնորդները քննարակած են իրենց միջեւ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու դրոյթները:

 

Նախագահ Սարքոզի Քազաֆիին առաջարակած է կորիզային ոլորտին մէջ յաւելեալ ներդրումներ կատարելու Ֆրանսայի փափաքը  ու այս առումով առաջարկած է ֆրանասացի մասնագէտներու պատուիրակութիւն մը շուտով  Թրիփոլի ուղղարկել տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար Լիպիոյ «կորիզային պայմաններ»ն:

 

Սարքոզի նաեւ կարեւորած է Լիպիոյ հետ Ափրիկէի մէջ համագործակցելու խնդիրը  յատկապէս Ֆրանսախօս  երկիրներու շրջանականերուն մէջ: Իր կարգին Լիպիոյ առաջնորդը իր գոհունակութիւնը արտայայտած է Ֆրանսայի նախագահին որդեգրած կեցուածքներուն առընթեր ըսելով, որ «մենք երախտապարտ ենք, որ Եւրոպայի մէջ ունինք  ձեր նման վստահելի բարեկամ-գործընկեր մը»:

 

Յիշեցնենք, որ օրերս Ֆրանսայի դատական բարձր ատեանը հարցաքննութեան կանչած էր նախկին նախագահ Սարքոզին զինք մեղադրելով  Քազաֆիին  կողմէ տրամադրուած «ապօրինի» գումարներ իր ընտրական արշաւին ընթացքին օգտագործելու  համար:

 

Դատական գործընթացը  տակաւին կը շարունակուի, իսկ Սարքոզի այս մասին մամուլին խօսելով յայտնած է իր խորին դժգոհութիւնը ըսելով, որ «կեանքս  դժոխքի վերածեցիք»: