image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմ. Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգուած է. The Guardian-ի անդրադարձը

Երուսաղէմ. Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգուած է. The Guardian-ի  անդրադարձը

Երուսաղէմի հին քաղաքի քրիստոնեաները յայտարարած են, որ այնտեղ իրենց ներկայութիւնը վտանգի տակ է՝ ահաբեկումներու եւ հրեայ վերաբնակներու կողմէն սեփականութեան ձեռքբերման քաղաքականութեան պատճառով, գրած է «The Guardian»-ը:


Քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներու պնդմամբ՝ հոգեւորականներու հասցէին բանաւոր վիրաւորանքներ հնչած են, անոնց ուղղութեամբ թքած են, իսկ գոյքը քանդած են:


Ինչպէս գրած է պարբերականը, այս տարի լարուածութիւնը աճած է Հին քաղաքի քրիստոնէական եւ հայկական թաղամասերու մէջ:

Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները նշած են, որ անոնք երեք ճակատով յարձակման ենթարկուած են՝ արմատական վերաբնակներու կողմէն սանձազերծուած պատերազմը, Երուսաղէմի քաղաքային խորհուրդի կողմէ աննախադէպ հարկային պահանջները եւ վաճառքի համար դրուած եկեղեցական հողերը օտարելու թոյլտուութեան առաջարկը:


«Այսօր եկեղեցիները ամենալուրջ սպառնալիքներուն կը բախուին  որոշ վերաբնակեցոուած խումբերու կողմէն: Վերաբնակիչները հետեւողականօրէն կը փորձեն վերացնել Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեայ համայնքի ներկայութիւնը»,- ըսած է Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Թեոֆիլոս 3-րդը:

Ան նշած է, որ այս արմատական խումբերը չափազանց կազմակերպուած են:

«Վերջին տարիներուն մենք ականատես եղած ենք աննախադէպ քանակութեամբ եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու պղծութեան եւ բարբարոսական դէպքերու, եւ աւելի ու աւելի շատ հոգեւորականներ եւ տեղացի հաւատացեալներ հաղորդած են յարձակումներու ենթարկուելու մասին»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ իշխանութիւնները այս առընչութեամբ հիմնականին մէջ որեւէ հետաքննութիւն չեն իրականացներ:

Յոյն ուղղափառ եկեղեցին նաեւ նշած է, որ խորապէս մտահոգուած է Եաֆֆայի դարպասներու՝ քրիստոնէական եւ հայկական թաղամասերու հիմնական մուտքի մօտակայքը եկեղեցւոյ պատկանող սեփականութեան նկատմամբ հսկողութիւն ստանալու փորձերու առընչութեամբ:

«The Guardian»-ը կը յիշեցնէ, որ փետրուարին քրիստոնէական եկեղեցիները, որոնք կը ղեկավարեն Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, փակած են այն՝ ի նշան քաղաքային իշխանութիւններու կողմէ անոնցմէ պետական հարկ գանձելու մտադրութեան եւ սեփականութեան հարկադիր օտարման մասին օրինագիծի դէմ բողոքի: Քաղաքապետարանը եկեղեցիներէն կը պահանջէ հարկ վճարել եկեղեցիներուն պատկանող առեւտրային նշանակութեան անշարժ գոյքէն եւ արդէն անցած է դրամատնային հաշիւներու կալանքին՝ պահանջելով վճարել նաեւ 53 միլիոն տոլարին համարժէք նախորդ տարիներու կուտակած պարտքերը: