image

Հայաստանը դեռ կը սգայ. The Foreign Policy-ի անդրադարձը

Հայաստանը  դեռ կը սգայ. The Foreign Policy-ի անդրադարձը

Ամերիկեան The Foreign Policy-ի աշխատակից Նէյլ Հաուրըր  օրերս  յօդուած մը հրապարակելով,  անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախեան երկրորդ պատերազմին, Սումկայիթեան ջարդերուն, Սպիտակի երկրաշարժին եւ այլ յարակից թեմաներուն:

 Յօդուածի  շահեկանութեան  համար   զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու դատին։

 

Հեղինակը գրած է,- ««Արարատի պէս սպիտակ գագաթ չկայ»,- գրած է հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը 1915 թուականին իր «Կապուտաչեայ հայրենիք» աշխատութեան մէջ երկու իրար նման գագաթ ունեցող լերան մասին, որ ամբողջ Հայաստանի ազգային խորհրդանիշն է:

 

Բայց Արարատը մօտ չէ: Ան հեռու է՝ Թուրքիոյ հետ երկար փակ սահմանի այն կողմը, որ հայերու կողմէ յայտնի է Արեւմտեան Հայաստան անունով: Այնտեղ հայեր, գոնէ բացայայտ հայեր, չեն մնացած: Հայաստանի ազգային խորհրդանիշը՝ ամբողջ ժողովուրդի ինքնութեան փորձաքարը, կը  գտնուի թշնամի հարեւանի սահմանին վրայ:

 

Կորսուածի մասին անընդհատ յիշեցումը, սակայն, միայն մէկն է այն բազմաթիւ կորուստներէն, որոնց միջով անցած են հայերը: Անոնցմէ ամենավերջինը անցեալ տարի էր՝ 27 սեպտեմբերէն 10 նոյեմբեր, 21-րդ դարու ամենադաժան պատերազմներէն մէկն էր: 44 օրուայ ընթացքին, հայկական ուժերը բախում ունեցան հարեւան Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն հետ` վիճայարոյց Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի շուրջ, որ ի սկզբանէ մեծամասնութեամբ հայկական տարածք էր,  եւ որ կը գտնուէր Ատրպէյճանի Խորհրդային սահմաններէն ներս:

 

Պատերազմի՝ վեց շաբաթ տեւող մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, սպաննուած է առնուազն 6000 մարդ, ներառեալ՝ առնուազն 3300 հայ զինուոր, եւ հաշուի առնելով բնակչութեան թիւը, համարժէք է ԱՄՆ-ի՝ աւելի քան 350 000 զինուոր կորսնցնելուն:

 

Աւաղ, այս հայերու առաջին կորուստը չէր:

 

1915 թուականին իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը պատահականութիւն չէր: Ան իրադարձութիւններու մանրակրկիտ ծրագրուած յաջորդականութիւն էր, որ մշակուած էր Օսմանեան կայսրութեան  անկումի օրերուն  երիտթուրքերու յեղափոխական կառավարութեան կողմէն՝ անհաւատարիմ ընկալուող բնակչութեան սպառնալիքը զսպելու համար: Աւելի քան մէկ միլիոն հայ տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ հաւաքուած էին իրենց գիւղերէն եւ քաղաքներէն, ստիպուած կազմած ողորմելի շարասիւններ եւ քշուած դէպի Սուրիոյ անապատ՝ մեռնելու: 1916 թուականի վերջերը հաշուարկուած միայն 200 000 տեղահանուածներ կրցած էին ողջ մնալ:

 

Հայաստանը  կը դառնար 20-րդ դարու առաջին ազգը, որ վերածնուած է Ցեղասպանութենէն ետք: Փախուստի դիմած վերապրածները յաւերժ պէտք է յիշուէին իրենց վէրքերով, իրենց տուները կորսնցնելու յիշողութիւններով եւ իրենց կեանքով: Ցեղասպանութեան մասին պատմութիւնները եւ յուշերը պէտք է փոխանցուէին սերունդէ սերունդ՝ իւրաքանչիւր նոր սերունդի վրայ դրոշմելով տեղի ունեցած ողբերգութիւնը եւ անոր կրկնութեան վախը:

 

Չնայած ճնշուած, բայց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնները Խորհրդային Հայաստանի մէջ երբեք չեն մարած: 1965 թուականին՝ իրականացուած սպանդի 50-րդ տարելիցին, 100 000 հայեր հաւաքուած էին Երեւանի օփերային թատրոնի առջեւ՝ պահանջելով, որ Խորհրդային կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 1988 թուականի  փետրուարին, Հայաստանի ազգային գիտակցութիւնը նոր թափ առած էր, երբ Երեւանի փողոցները աննախադէպ զանգուածային ցոյցեր կը կայանային եւ մասնակիցները կը պահանջէին հայկական Լեռնային Ղարաբաղը միացնել Խորհրդային Հայաստանին: Հարիւր հազարաւոր ցուցարարներու՝ Ղարաբաղը Հայաստանի հետ միաւորելու աջակցութիւնը այն ազգային զգացմունքներու ամենամեծ հեղեղումներէն մէկն էր, զոր Խորհրդային Միութիւնը երբեւէ տեսած էր»:

 

Ապա յօդուածը ծաւալուն պատմական ակնարկ կատարած է առաջին Արցախեան պատերազմին, 1988-ի ահեղ երկրաշարժին, ինչպէս նաեւ երկրորդ Արցախեան պատերազմին:

 

«Հիմա Հայաստանի ապագայի վերաբերեալ քիչ բան յստակ է: Գրեթէ ամբողջութեամբ թշնամիներով շրջապատուած այս փոքր պետութեան համար գոյութիւնը այժմ վտանգուած է: Շատերը գոյատեւման իրենց միակ յոյսը կը տեսնեն ազգային տնտեսական, գիտական եւ, յատկապէս, ռազմական զարգացման արմատապէս ծրագրի մեկնարկման մէջ, որ իր բնոյթով շատ նման է Իսրայէլին՝ ցեղասպանութիւն վերապրած մէկ այլ փոքր ազգի, որուն հարեւաններուն դէմ բազմաթիւ յաղթական պատերազմներ անհրաժեշտ էին գոյատեւելու համար: Ամենամեծ վախը, սակայն, այն է, որ հայերը կ'արժանանան նոյն ճակատագրին, ինչ անոնց եղբայները՝ ասորիները, որոնք նոյնպէս օսմանեան դարաշրջանին ցեղասպանուած են: