Բարձրագոյն կրթութիւն չունենալու պատճառով Թուրքիոյ ղեկին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անօրինաբար գտնուելու մասին հրապարակօրէն յայտնած գրողը յայտնաբերուած է մահացած: Այս մասին կը տեղեկացնեն թրքական տարբեր լրատուամիջոցներ, նշելով, որ գրող Էրկյուն Փոյրազը Էրտողանին մեղադրած է այն բանի մէջ, որ ան երբեք բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ չէ ուսանած: Անոր խօսքով` Թուրքիոյ նախագահի՝ Մարմարայի համալսարանը աւարտելը վկայող վկայականը կեղծ է: Փաստարկներէն մէկը այն է, որ վկայականը տրուած ժամկետը նշուած է այնպէս, երբ Մարմարայի համալսարանը տակաւին գոյութիւն չունէր:
Թուրքիոյ մէջ նախագահ դառնալու համար 4 տարի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ ուսանած ըլլալը պարտադիր պայման է:
Թրքական լրատուամիջոցներն աւելի շուտ յայտնած էին, որ Էրտողան իրականութեան մէջ ունի միայն կրօնական ուսումնարան աւարտելու մասին վկայագիր: