Բրիտանական «Էքոնոմիսթ» թերթը Թուրքիոյ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ ուշագրաւ յօդուածի մը մէջ գրած է, թէ Թուրքիոյ վերջին պայթումները պիտի նպաստեն իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու Էրտողանի ջանքերուն:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կը կարծէ, որ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած խառնաշփոթի կարգաւորման միակ միջոցը՝ ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելն է: Ահաբեկչական այդ գործողութենէն միայն քանի մը ժամ առաջ, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հրապարակեց սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը, որ առիթ կ՛ընծայէ նախագահին՝ իրագործելու այդ նպատակը: Արդարեւ, առաջարկուած փոփոխութիւններէն ետք, վարչապետի պաշտօնը պիտի ջնջուի, իսկ երկրի նախագահութիւնը պիտի ստանայ գործադիր մարմինի կարգավիճակ: Այդպիսով, Էրտողան իրաւունք պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ նշանակելու, արտակարգ դրութիւն յայտարարելու եւ օրէնքի ուժ ունեցող որոշումներ հրապարակելու: Այս նպատակով յառաջիկայ գարնան իրականացուելիք հանրաքուէէն առաջ, նախագիծը պէտք է վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ», կը գրէ թերթը:
Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Յուլիս 15ի ձախողած յեղաշրջման փորձը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործուի՝ աւելի քան 40,000 կասկածելիներու ձերբակալութիւնը արդարացնելու համար:
«Էրտողան կը կարծէ, որ միայն ի՛նք կրնայ Թուրքիոյ տարածքին տիրող քաոսը զսպել, մինչդեռ այդ քաոսին պատճառներէն մէկը ի՛նքն է: Էրտողան դադրեցուց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ սկսած հաշտութեան բանակցութիւնները եւ, ի պատասխան ապահովական ուժերուն վրայ քրտական յարձակումներուն՝ կալանաւորեց քիւրտ քաղաքական գործիչներ, առաւել բորբոքելով լարուածութիւնը: Ան փոշիացուց հարաւարեւելեան քաղաքները՝ տեղահան ընելով մօտաւորապէս 500,000 բնակիչ», կ՛եզրակացնէ թերթը: