Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը քննադատած է CHP կուսակցութեան նախագահ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի յայտարարութիւնները, ուր ան ըսած էր, որ «նախագահական համակարգը չիրականանար առանց արիւնահեղութեան»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Էրտողանը նաեւ ըսած է, թէ «ժողովուրդը միակ լիազորուած կողմն է այս հարցի մէջ որոշում կայացնելու կապակցութեամբ, եւ Քըլըճտարօղլուն ոչ մէկ իրաւասութիւն կամ ուժ չունի ընդդիմանալու անոր կամքին դէմ», եւ իր խօսքը Քըլըճտարօղլուին ուղղելով աւելցուցած է, որ «եթէ թուրք ժողովուրդի ձայնը ի շահ նախագահական համակարգին ըլլայ, այդ ժամանակ պէտք է միայն խոնարհիս այդ որշումին առջեւ եւ ընդունիս զայն ու հետեւիս անոր, որպէս հնազանդ գառնուկ»: Էրտողան, ընդգծելով ընդդիմութեան կողմէ արիւնահեղութեան մասին եղած խօսքը, նաեւ ըսած է՝ «Այս մարդիկ քաղաքականութեան եւ անոր օրէնքներւն մէջ տգէտ մարդիկ են: Միթէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկաի մէջ արիւնահեղութիւն կատաուա՞ծ էր, երբ ան անցած էր նախագահական համակարգին: Երբե՛ք »:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ ինչպէս որ ինք 10 Օգոստոսի նախագահական ընտրութիւններուն առանձինը պայքարած էր 14 կուսակցութիւններու դէմ եւ 52 տոկոսով շահած էր ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայնը, նոյնպէս հիմա, «ժողովուրդի կամքը կրկին պիտի յաղթէ նախագահական համակարգի անցնելու հանրաքուէին»: