Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած 4.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով Հայկական կորիզային ելեկտրակայանին մէջ անվտանգութեան հետ կապուած որեւէ խնդիր չէ առաջացած:
«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Արմինէ Մուրատեան:
«Խնդիրներ չեն առաջացել, քանի որ երկրաշարժի ուժգնութիւնն աթոմակայանի տարածքում կրկնակի ցածր է եղել անվտանգութեան համակարգի միացման համար թոյլատրելի սանդղակից: Կայանը շարունակում է աշխատանքը իր բնականոն ռեժիմով՝ թոյլատրելի ամբողջ հզօրութեամբ»,- նշած է Մուրատեան:
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յստակացուցած է 13 փետրուարին արձանագրուած երկրաշարժի օճախը՝ Երեւանէն 8 քմ հարաւ-արեւելք․ Նուպարաշէն վարչական շրջանէն մօտ 2 քմ հիւսիս: Տեղի ունեցած է յետցնցումային աշխուժութիւն, որ հետզհետէ մարած է, արձանագրուած է շուրջ 46 յետցնցում։ Երէկ իրիկուայ դրութեամբ՝ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն մօտ 1310 տարաբնոյթ ահազանգ ստացուած է։ Փուլ եկած շէնքերու վերաբերեալ ստացուած ահազանգերէն հաստատուած են երկուքը՝ Երեւանի Այվազովսկիի փողոցի եւ Սմբատ Զօրավարի փողոցին վրայ: