23 փետրուարին՝ ժամը 15:30-ին, Երեւանի «Սբ. Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ շտապօգնութեան խումբը Արարատեան փողոցի տուներէն մէկէն մահացած վիճակի մէջ իրենց մօտ տեղափոխած է 2010 թուականին ծնունդ տղու մը դին:
ՀՀ Քննչական կոմիտէի ԵՔՔՎ Շէնգաւիթ վարչական շրջանի քննչական բաժնէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին՝ 8-ամեայ երեխայի մահուան հանգամանքները պարզելու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Քննչական կոմիտէէն:
Ահազանգ ստանալէն անմիջապէս ետք հիւանդանոց մեկնած է քննչական խումբ: Նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին պարզուած է, որ 8-ամեայ տղուն կախուած վիճակի մէջ յայտնաբերած է 18 ամեայ եղբայրը Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ գտնուող իրենց տան մէջ:
Դատաբժիշկի նախնական տեղեկացմամբ՝ արտաքին զննութեամբ դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չկան։ Այս պահին քննութիւն կը տարուի՝ 8-ամեայ երեխայի մահուան հանգամանքները պարզելու վերաբերեալ: