image

Մահացած է Սլովաքիա հաստատուած օփերային երգիչ՝ Գուրգէն Յովսէփեան

Մահացած է Սլովաքիա հաստատուած օփերային երգիչ՝ Գուրգէն Յովսէփեան

 

«Օրեր» պարբերականէն վերահասու կը դառնանք, որ Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի թենոր Գուրգէն Յովսէփեանը։ 

 

Աղբիւրը կը նշէ, թէ հայ անուանի օփերային երգիչ Գուրգէն Յովսէփեան ծնած է 1955-ին, Սիսիանի մէջ, ապա՝ տեղափոխուած է Երեւան։ Առնօ Պապաճանեանի անուան երաժշտական ուսումնարանն աւարտելէն ետք, ընդունուած է Մոսկուայի մէջ Կնեսիններու անուան երաժշտական մանկավարժական հիմնարկը։ Աւարտելէն ետք վեց տարի աշխատած է Սարաթովի օփերային թատրոնին մէջ, հիւրախաղերով եղած է ԽՍՀՄ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Կէս դրոյքով աշխատած է նաեւ Երեւանի օփերային թատրոնին մէջ։ 

1991 թուականին առաջին անգամ մասնակցած է Սլովաքիոյ Պանսքա Պիսթրիցայի թատրոնի միջազգային փառատօնին, որմէ ետք 1992 թուականին հրաւիրած են Սլովաքիոյ ազգային թատրոնին մէջ երգելու «Թրաւիաթա» եւ «Ռիկոլեթթօ» օփերաներուն մէջ, իսկ 1993 թուականին յատուկ իր համար բեմադրած են «Օթելլոն», որ ան երգած է 100 ներկայացման ընթացքին ողջ Եւրոպայի մէջ։ Այդ տարիներուն նաեւ 10 տարի շարունակ երգած է Պրահայի Ազգային թատրոնին մէջ։ 

Անցած տարիներուն Գուրգէն Յովսէփեանը հանդէս եկած է նաեւ ամենայայտնի օփերային ներկայացումներուն մէջ։ Վերջին տարիներուն անցած էր մանկավարժական գործունէութեան։ Կը դասաւանդէր օփերային թատրոնին մէջ՝ ձայնի վարպետութիւն, իսկ երաժշտանոցին մէջ՝ օփերային վոքալ։  Աշխոյժ կը մասնակցէր  սլովաքահայ համանյքի մշակութային միջոցառումներուն։ 

Անոր ուսանողները շատ կապուած էին իր հետ, նոյնիսկ անոր պատուոյն 2012ին Քոշիցէի մէջ ստեղծած են  «Յովսէփեանովցի» դասական վոքալ անսամպլը։ 

Գուրգէն Յովսէփեանցի աշակերտներէն շատերը այսօր կ'երգեն եւրոպական յայտնի բեմերու վրայ։