image

Երէկ Գրանցուած պայթումին հանգամանքները ցարդ չեն պարզուած

Երէկ  Գրանցուած  պայթումին  հանգամանքները  ցարդ  չեն պարզուած

Երէկ  երեկոյեան Երեւանի Հալապեան փողոցին վրայ    գրանցուած  պայթումին   հանգամանքները ցարդ չեն պարզուած: Այս մասին կը գրէ  News.am    կայքը, որ դէպքին մասին զրուցած է ՀՀ ոստիկանութեան քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեանին  հետ: Յովսէփեան նաեւ փոխանցած է, թէ  դէպքին առընթեր քննութիւնները կը շարունակուին  եւ   յառաջիկայ օրերուն    ընթացող հետազօտութիւններու հիման վրայ յստակ  կը դառնան   վարկածները:  Նշենք, որ  երէկ գրանցուած  պայթումին հետեւանքով  ինկած էին  երկու  զոհեր, որոնց անունները  մինչեւ այս պահը չէ  հրապարակուած: Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումին հետեւանքով   գրանցուած են  եօթ վիրաւորներ, որոնց մէջ կար 14-ամեայ  աշակերտ մը եւ յղի կին մը: Վիրաւորներուն վիճակը  կը  գնահատուի կայուն:  Պայթումին  մասին երէկ տարբեր վարկածներ  հնչած էին   եւ այդ առաջ քաշուած վարկածներուն      առընթեր կը յայտնուէր, որ   հանրակառքը կը գործէ  Տիզէլով եւ  ոչ  թէ կազային  դրութեամբ, բան մը,  որ աւելի   կը շեշտադրէր    հանրակառքի  դէպքը  պայթումի հետեւանք   ըլլալու հաւանականութիւնը: