Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան Թարէք Մաաթի դարձաւ Հայաստանի Rotary Pan-Armenian միութեան պատուաւոր անդամ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայաստանի Rotary միութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը։ Նշենք, որ Եգիպտոսի դեսպանին Rotary միութեան պատուաւոր անդամի կոչումը տեղի ունեցաւ երէկ Եգիպտոսի արաբական հանրապետութեան ազգային տօնի 66-րդ տարեդարձին առթիւ դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին։ Հանդիսութեան ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան ե դեսպան Թարէք Մաաթի, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Տիար Արմէն Պապիկեան ու նաեւ Հայ- եգիպտական առաեւտրականներու միութեան նախագահ Տիար Էտուարտ Մանուկեան։ Մանուկեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց, որ դեսպան Մաաթին իր գործունէութեան առաջին մէկ օրէն մեծապէս նպաստած է Հայաստան- Եգիպտոս բարեկամական յարաբերութիւններու ամրացման եւ բարելաւման։ Ան նաեւ նշեց, որ դեսպանը կարեւոր եւ կեդրոնական դեր ունեցած է վերջերս Երեւանի մէջ հայ- եգիպտական առեւտրականներու միութեան հիմնադրման գործին մէջ։
Յիշեցնենք, որ այդ առթիւ եւ յանուն Հայ-եգիպտական առեւտրականներու միութեան Մանուկեան եգիպտացի դեսպանին նուիրեց այս առթիւ պատրաստուած յատուկ յուշանուէր մը։