image

Եղանակը դարձեալ պիտի հովանայ Հայաստանի մէջ

Եղանակը դարձեալ պիտի հովանայ Հայաստանի մէջ

ՀՀ ԱԻՆ Օդերեւութաբանական ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ՝ Գագիկ Սուրենեանը յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 8-10 աստիճան:

«2-3 Օգոստոսին հիւսիս-արեւելքէն  ցուրտ օդային հոսանքներ ներթափանցելով՝ օդի ջերմաստիճանը, Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ, ցերեկը պիտի նուազի 8-10 աստիճան, իսկ հանրապետութեան միւս մարզերու պարագային, ներառեալ Երեւան՝  5-6 աստիճան։

Որոշ շրջաններու մէջ, յատկապէս յետմիջօրէին, կը սպասուի ամպրոպային բնոյթի կարճատեւ անձրեւներ»: