image

Դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներու աճը կը շարունակուի. Անոնք ծախսած են մօտ 120 միլիոն տոլար աւելի գումար

Դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներու աճը կը շարունակուի. Անոնք ծախսած են  մօտ 120  միլիոն տոլար աւելի գումար

Այս տարուայ  առաջին 6 ամիսները նկատի առնելով, Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը տպաւորիչ աճ արձանագրած է: Այս մասին իր Ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է  ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը:

Բոլոր երկրներէն ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը որոշակի տոկոսներով բարձրացած է, սակայն Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Հոլլանտայի զբօսաշրջիկներու տոկոսը աւելի ակնյայտ է այս շրջանին:

«Ընդհանուր առմամբ առաջին կիսամեակին ունինք զբօսաշրջութեան 12,8 տոկոս աճ: Կեդրոնական դրամատան հաշուառկներով այս տարի նախորդ տարուայ  համեմատ զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ  ծախսած են մօտ 120 միլիոն տոլար աւելի գումար: ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի կարող է այս գումարէն  իր բաժինն ունենալու յայտ ներկայացնել: Նաեւ կ'ուզեմ յիշեցնել, թէ ինչքան կարեւոր է պատշաճ ծառայութիւններ մատուցելը զբօսաշրջիկներուն, որպէսզի անոնք լաւ տպաւորութիւններով հեռանան Հայաստանէն եւ բարձրացնեն մեր երկրի ճանաչելիութիւնն ու վարկը  ողջ աշխարհով»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: