Սուրիական աղբիւր մը, կիրակի օր յայտարարած է, որ յաջողուած է համաձայնութեան գալ, «Ժայշ Ալ-Իսլամի» զինեալները Տումայէն դուրս բերելու շուրջ: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը, յիշեցնելով, որ Տուման կը համարուի Արեւելեան Ղութայի վերջին շրջանը, որ տակաւին ընդդիմադիր խմբաւորումներու հսկողութեան տակ կը գտնուի:
Համաձայնութեան հիման վրայ «բոլոր զինեաները, յառաջիկայ 48 ժամերու ընթացքին դուրս պիտի գան, ուղուելով դէպի Ժարապլուս»:
«ՍԱՆԱ» պաշտօնական գործակալութեան փոխանցմամբ, համաձայնութեան լոյսին տակ «տասնեակ հանրակառքեր Տումա մտած են»: