Սուրիոյ բանակը վնասազերծած է Դամասկոս – Ամման միջազգային ճանապարհն ամբողջութեամբ, եւ իր տիրապետութեան տակ վերցուցած է Արեւելեան Տարհայի արուարձաններէն Ալ Թիպա, Ում Ալ Մայազէն եւ Նասիպ գիւղեր:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը, փոխանցելով ռազմական լրատուական գործակալութեան յայտարարութիւը նշած է, որ սուրիական ուժերը, որոնք մուտք գործած են յիշեալ տարածքներ, ամբոջութեամբ ականազերծած են զանոնք, իսկ ներկայիս մյրուղիի մաքրման ու վերագործարկման աշխատանքներ կը տարուին: