image

«Չի բացառուիր, որ նոր պատերազմ սկսի» Արցախցի նախկին ՊՆ Լեւոն Մնացականեան

«Չի բացառուիր, որ նոր պատերազմ սկսի» Արցախցի նախկին ՊՆ Լեւոն Մնացականեան

Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Լեւոն Մնացականեանը օրերս Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին յայտարարած էր. «Հակուած եմ ասելու, որ պատերազմ է լինելու»։ Այս տեսակէտը 7 ապրիլին, ան հաստատած է NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ․ «Չեմ կարծում, որ ատրպէյճանական կողմը կը համաձայնուի։ Անկախութիւնը ճանաչելու համար գոնէ պէտք է մէկ գործողութիւն լինի։ Ես մնում եմ նոյն կարծիքին»,- նշած է Լեւոն Մնացականեանը։

Հարցին, թէ արդեօք արցախցին պատրաստ է խաղաղութեան, ըսած է. «Ամէն դէպքում, եթէ ուզում ես խաղաղութիւն, պէտք է պատրաստուես պատերազմի»:

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումներու վերաբերեալ ՊԲ նախկին հրամանատարը նշած է, որ բանակցութիւնները աւելի լաւ են, քան պատերազմը՝ աւելցնելով «բանակցութիւնը պէտք է ճանապարհ փնտռի խնդրի խաղաղ կարգաւորման համար»։

Լեւոն Մնացականեանը չէ ցանկացած մեկնաբանել ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի՝ «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» թեզը, միայն նշած է, որ «վաղը միւս օրը, երբ պատերազմական գործողութիւններ սկսուեն, բանակը գործելու է՝ ըստ իրավիճակի»։