Իրաքահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան օրերս Իրաքի Քէրքուք քաղաք այցելած է մօտէն ծանօթանալու տեղւոյն հայ համայնքի ընդհանուր իրավիճակին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Իրպիլի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ առաջնորդ Սրբազանը օգտուելով իր Քէրքուք գտնուելու առիթէն պատեհ համարած է մօտէն հետետիլ շրջանին մէջ եղող միակ եկեղցւոյ կառուցման աշխատանքներուն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ օծման արարողութիւնը պիտի կատարուին յառաջըկայ ամիսներուն: Նշենք, որ Սրբազան հօր այս այցին ընկերակցած են Քէրքուքի հայ ազգային խորհուրդի յանձնախումբի անդամներ:



