image

Ազրպէյճանի Զինուժը Անկանոն Կրակ Բացած Է Տաւուշի Ուղղութեամբ. ՀՀ ՊՆ

Ազրպէյճանի Զինուժը Անկանոն Կրակ Բացած Է Տաւուշի Ուղղութեամբ. ՀՀ ՊՆ

ՀՀ ԲՆ կայքի հաղորդմամաբ, անցած գիշեր եւ այսօր առաւօտեան ազրպէյճանական կողմը 16 անգամ կրակահերթեր արձակած է հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին` Տաւուշի մարզի վրայ, կիրառելով հրաձգային, ինչպէս նաեւ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներ:

 Նախորդ օրերու համեմատութեամբ խախտումներու պարբերականութիւնը նուազած է եւ ազրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակահերթերը կրած են անկանոն բնոյթ:

ՀՀ ԶՈւ առաջապահ ստորաբաժանումները վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: