30 Մայիսին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Զաքիր Հասանովը ազրպէյճանական պատուիրակութեան հետ միասին մեկնած է Թուրքիա: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Haberler» լրատուամիջոցը, յայտնելով, որ Հասանովի այցի նպատակը Իզմիր քաղաքի մէջ ընթացող «Efes-2016» միջազգային զօրավարժութիւններու եզրափակիչ փուլին ներկայ գտնուիլն է:
Նշեալ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին 9 երկրներու զինուորական պատուիրակութիւններ: Ազրպէյճանի զինուած ուժերը մասնակցած են 30 անձերէ բաղկացած կազմով: Զօրավարժութիւնները սկսած են 15 մայիս 2016-ին եւ պիտի աւարտին 1 յունիսին:
Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին 79 երկիրներէ Թուրքիա ժամանած 255 դիտորդ եւ ներկայացուցիչ: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանը, նորանշանակ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, Թուրքիոյ զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ, բանակի զօրավար Հուլուսի Աքարը եւ նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքը: