Ազրպէյճան շարունակած է ապրիլին հրադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը խախտել: Երէկ գիշեր հակառակորդը խախտումներ ըրած է առաւելաբար Հադրութի եւ Մարտունի շրջանի ուղղութեամբ: Հայկական պաշտպանական բանակի մէկ զինուոր Խաչատուր Վարդան Յարութիւնեան (ծն.1996) զոհուած է իր պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ: