Անցնող ամիսներուն, ֆրանսական Ե. Հանրապետութեան 60-ամեայ պատմութեան մէջ աննախադէպ –նաեւ չսպասուած– քաղաքական յեղաշրջում մը ապրեցաւ այս երկիրը։ Տակաւին երեք տարի առաջ հանրութեան բոլորովին անծանօթ եւ շատ երիտասարդ անձ մը, հազիւ մի քանի ամիս տեւած նախարարական պաշտօնէ մը յետոյ, նոր շարժում մը հիմնելով, ոչ միայն յաջողեցաւ Ֆրանսայի բոլոր (Ա.Բ.Գ.Դ. եւ Ե.) հանրապետութիւններուն ամենէն երիտասարդ նախագահը դառնալ, այլեւ իր ստեղծած շարժումը տիրացաւ նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ լայն մեծամասնութեան մը։ Բայց այս յօդուածին նպատակը չէ յետադարձ կերպով (à posteriori) կատարուածը ենթարկել քաղաքական վերլուծութեան։ Այլ՝ միայն մտորել մեզ՝ Հայերուս վրայ ունենալիք կարողական հետեւանքներուն շուրջ։
Ընթացաւարտ Խորհրդարանին մէջ –նաեւ նախորդներուն– կար ամէն հոսանքէ աջ թէ ձախ, անկեղծօրէն հայասէր եւ անմնացորդ կերպով Հայութեան ու Հայ դատին նուիրուած երեսփոխաններու փաղանգ մը։ Մարդիկ որոնք ուժեղ ու ազդեցիկ ֆրանքեւհայկական, խորհրդարանական խմբակ մը կազմած էին։ (Նաեւ ի հեճուկս բազում ճնշումներու՝ Ֆրանսա-Արցախ խմբակ մը)։ Մարդիկ, որոնք այսօր այլեւս չեն բազմիր Գոնգորտի հրապարակին հանդիպակաց հռչակաւոր Palais Bourbon-ին մէջ, որովհետեւ կա՛մ ընտրական նոր օրէնքի տրամադրութիւններուն անսալով՝ նախընտրեցին տեղական գործադիրի մը նախագահութիւնը (քաղաքապետ կամ նահանգային խորհուրդի նախագահ), կա՛մ ալ մաքրոնական հոսանքէն քշուեցան, պարտուեցան։ Պիտի չուզէի անուններ յիշել՝ ոմանք ակամայ զանց առած չըլլալու համար, բայց կարելի չէ գոնէ Անտրէ Սանթինիի, Ֆրանսուա Ռոշըպլուանի եւ Փաթրիք Տէվէճեանի անունները չյիշել։ Բոլոր այդ դադրած երեսփոխաններուն հետ հիւսուած բարեկամական կապերը մէկ օրէն միւսը չստեղծուեցան ի հարկէ։ Անոնք մեր քաղաքական կուսակցութիւններուն ու տեղական կազմակերպութիւններուն տարած՝ տարիներու, նոյնիսկ տասնամեակներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք են։ Ու այսօր չկան այդ մարդոցմէ շատերը, որոնք միշտ ներկայ պատասխանեցին մեր կոչերուն ու հրաւէրներուն, միշտ լսելի դարձուցին իրենց ազդեցիկ եւ հուժկու ձայնը։ Եղան անոնցմէ ոմանք որոնք առ ոչինչ համարեցին Ալիեւի սեւ ցանկերը, նոյնիսկ դատական հետապնդումները։ Այսօր այդպիսիներու թիւի նօսրացումով միայն Ալիեւն ու Էրտողանն է, որ կրնան ուրախանալ։ Եւ անոնց բաց թողած տեղերը համալրելը պիտի պահանջէ լարուած աշխատանք, որու արդիւնքը առաջուց երաշխաւորուած չէ։
Ընթացաւարտ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ –անոր կողմնակից ըլլանք կամ ոչ, իր նախագահական գործունէութիւնը գնահատենք կամ ոչ– Հայ դատին նեցուկով իր խօսքը յարգեց։ Ան 2015 Ապրիլ 24-ին Երեւան, Ծիծեռնակաբերդ գտնուեցաւ ու իր ազդու խօսքը հասցուց աշխարհին։ Նորընտիր նախագահը ընտրութեան առաջին փուլի վաղորդայնին, Ապրիլ 24-ին արարողակարգն (protocole) ալ խախտելով մէկ վայրկեան երեւցաւ Կոմիտասի արձանին առջեւ, ծաղկեպսակ մը զետեղեց ու… անհետացաւ։ Յարգանքի ճշմարիտ տո՞ւրք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, թէ ոչ ընտրական պատեհապաշտ ժե՞ստ։ Ապագան պիտի յստակացնէ շատ բան։
Ռոչիլտ դրամատան մէջ թրծուած մարդիկ ընդհանրապէս աւելի հակամէտ կ՚ըլլան գործնապաշտ ընթացքի կամ սկզբունքներու։ Այսօր Թուրքիա աշխարհի 17-րդ տնտեսութեան դիրքի վրայ է, իսկ Ազէրպայճանի նաւթի եւ կազի բոյրը դեռ 30 տարի կրնայ հրապուրել business սկզբունքով շարժողները։ Իսկ մաքրոնականները կը հպարտանան որ՝ նորընտիր երեսփոխաններու մեծամասնութիւն մը եկած է այսպէս կոչուած քաղաքացիական ընկերութենէն (société civile)։ Բացայայտ է, որ այդ նոր շարժումը պատրաստ էր ամէն գինով հարուածելու աջ թէ ձախ երկու դասական հոսանքները, հանրապետականն ու ընկերվարականը։ Այսպէս, Մարսիլիոյ մէջ պարտուեցաւ ծագումով ասորի Հանրի Ճիպրայէլ, որ մեր ամէն կոչին ու հրաւէրին առաջին պատասխանողն էր։ Առաջին փուլին ալ վտանգաւոր երկրորդ դիրքի վրայ գտնուեցան Կի Թեսիէ եւ Տիկ. Վալերի Պուայէ, որ ինչպէս մեր ընթերցողները գիտեն բանբերն էր ժխտականութիւնը պատժող օրինագիծին։ Հոգիով եւ մարմնով Հայ դատին նուիրեալ մը որու դէմ հանուեցաւ հայանուն թեկնածու մը։ Արդիւնքներու մանրակրկիտ ընթերցումը ցոյց տուաւ սակայն որ՝ ընտրաշրջանի հայաշատ թաղին՝ Պօմոնի մէջ Վալերի Պուայէն է որ առաջին եւ երկրորդ փուլերուն առաջին դիրքի վրայ եկաւ ու վերընտրուեցաւ։ Եթէ այդպէս եղած չըլլար մեր վարկն ու պատիւը զերոյի իջած պիտի ըլլային որպէս ապերախտներ։ Վերընտրուեցաւ նաեւ Կի Թեսիէ, Արցախի դատին ամենէն նուիրեալներէն մին։
Թերթս իր Յունիս 20-ի (թիւ 1077) առաջին էջին վրայ գրեր էր ՆՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՉՈՐՍ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ։ Թող ներէ ինծի յարգելի խմբագիրը, եթէ հրապարակաւ գամ ըսելու որ՝ չեմ բաժներ իր այդ անուանումը։ Հայանուն ըլլալ չի նշանակեր այսօր Ֆրանսայի մէջ ՀԱՅ ըլլալ, ո՛չ արիւնով ո՛չ ալ հոգիով։ Ասկէ շուրջ չորս տասնամեակ առաջ անձամբ ատոր փորձառութիւնն ունեցայ, եւ այդ մասին ալ ընդարձակ յօդուած մը գրած էի նախկին «Յառաջ»-ին մէջ «Տէր Մոնսէսեանը» խորագրով։ Զաւկիս ուսողութեան ուսուցիչը միայն քառորդ-արիւն հայ, շատ բուռն (avec véhemence) մերժեց իր հայութիւնը ըսելով որ 1914-էն առաջ հոս եկած իր մեծ հայրն է եղեր Հայ։ Եւ երբ ի վերջոյ ճարահատ ուզեցի գիտնալ թէ՝ այդ մեծ հօր արմատները ո՞ր մէկ գաւառէն են, շատ սրտնեղած պատասխանեց - de quelque part en Arménie; de toute façon cela ne m’intéresse pas»։ ԵՒ ՎԵՐՋ։ Տէր Մոնսէսեանին պէս «Հայ»-երը այսօր մի քանի տասնեակ հազար, եթէ ոչ հարիւր հազար են։ Չտարուինք։ Ուստի մօտ ապագան պիտի ցոյց տայ, որ այդ չորս «հայ» երեսփոխանները զտարի՞ւն, կէ՞ս արիւն, քառո՞րդ արիւն Հայ են։ Առաւել՝ Հայու հոգի կա՞յ մէջերնին, նաեւ կամք ու պատրաստակամութիւն Հայ դատին լծուելու։ Չմոռնանք, որ անդին Պոլսոյ մէջ ալ երեք հայ երեսփոխաններ ունինք, որոնցմէ մէկը Էրտողանի կուսակից ըլլալով Հայաստանի դէմ քուէարկած էր… արժանանալով հայաստանեան լրասփիւռներու թուք ու լուտանքին։
Հոս տեղին է յիշել նաեւ այլ կէտ, զոր պէտք չէ անուշադրութեան յանձնել։ Մեր հարցերը, խնդիրները միջազգային հանրութեան աչքին աւելի լաւ կը պաշտպանուին եթէ փաստաբանը, դատապաշտպանը ոչ-հայ ըլլայ։ Հոս ալ բերենք անցեալէն մէկ փաստ։ Բոլորս գիտենք որ աշխարհահռչակ բեմադիր-ֆիլմարտադրող Հանրի Վերնէօյի անունը Աշոտ Մալաքեան է։ Ան 1942-ին, պատերազմի եւ գրաւման թէժ օրերուն երբ ամէն ինչ կեցած, լճացած էր, գործ չէր գտներ, հակառակ Էքս-ան-Փրովանսի Arts et Métiers-ն աւարտած ըլլալուն։ 1944-ին Ազատագրութեան՝ հոս նոր հրատարակուող La Marseillaise օրաթերթը մտեր է որպէս օգնական լրագրող։ 1945-ին Եղեռնի 30-ամեակի առթիւ Աշոտ շատ լաւ յօդուած մը կը գրէ այդ նիւթին վերաբերեալ ու կը ներկայացնէ խմբագրապետին, որ ուշի-ուշով կարդալէ յետոյ իրեն կը յարէ –mon petit, ton article est excellent mais, écrit, signé par un Arménien il ne fait pas le poids. Il faut lui trouver un auteur Français. Եւ երկու վայրկեան խորհելէ յետոյ տակը կը դնէ Henri Verneuil։
Մեզի հիմա ոչ թէ prête-nom Հանրի Վերնէօյներ են պէտք, այլ՝ նորանոր Ճիպրայէլներ, Սանթինիներ, Ռոշըպլուաններ եւ ասոնց պէս շատ շատեր։ Տասնեակներով։ Երկարաշունչ գործ որ պիտի պահանջէ ճիշդ ընտրութիւն, ժամանակ, առանց մոռնալու նիւթականը։ Կարելի՞ է արդեօք խորագիրովս եզրակացնել «Հայ դատը Ֆրանսայի ընտրութիւններուն զո՞հ»։
Ստեփան Պօղոսեան
Մարսիլիա, Յունիս 26
«Նոր Յառաջ»