image

«Ազատ բանակ»ը Աֆրինի մէջ՝ «Ալ-Քահիտա»ի եւ «Տահէշ»ի սուրով եւ տարազով (Լուսանկարներ)

«Ազատ բանակ»ը Աֆրինի մէջ՝ «Ալ-Քահիտա»ի եւ «Տահէշ»ի սուրով եւ տարազով (Լուսանկարներ)

Ռազմական տեղեկատուական կեդրոնական գործակալութեան երէկ հրապարակած նկարներէն պարզ կ'երեւի, որ Աֆրին քաղաքին մէջ տարածուած թրքական բանակի աջակցութիւնը վայելով «Ազատ բանակ»ի խմբաւորումներու զինեալները կը կրեն «Ալ-Քաիտա» եւ «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւններու տարազը եւ սուրը:

 

Ռազմական լրատուամիջոցները նաեւ Agence France Presse-ի նկարները հրապարակած են,  ըսելով որ անոնց մէջ երեւցողները «Ազատ Բանակ»ի զինեալ խմբաւորումներու անդամներն են, որոնք Աֆրինի մէջ  տուներ, խանութներ եւ քաղաքացիներու սեփականութիւնները կը թալանեն: