Լիբանանի Այնճար հայկական աւանին մէջ յարգած են ՀՅԴ նուիրեալ գործիչ Զաւէն Թաշճեանի յիշատակը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ՝ «Մուսալեռ Այնճար» դիմատետրի էջէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս գրած է, թէ «Կիրակի 14 մարտ 2021-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ազգիս նահատակ ընկ. Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին։
Ապա ներկաները ուղղուեցան Այնճարի գերեզմանատուն ուր հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նահատակ ընկերոջ շիրիմին կողքին, եւ զետեղուած է ծաղկեպսակի զետեղում Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ․-ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղի կողմէ։
Աւարտին «Ս.Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հաւաք ընտանեկան պարագաներուն, ընկերներուն եւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ»։




