image

Այն Ալ Հըլուէ. Կամ մոխիրին տակ կրակ կայ

Այն Ալ Հըլուէ. Կամ  մոխիրին տակ կրակ կայ

 Լիբանանի  հարաւի  մայրաքաղաք  Սայտա  քաղաքի  մէկ անկիւնը ծուարած   «Այն ալ հըլուէ»ի    գաղթակայանը  դարձեալ օրակարգի վրայ է:   Երկրի տարածքին    տարածուած պաղեստինեան տասնեակ գաղթակայաններէն մին հանդիսացող   «Այն ալ հըլուէ»ն   անցնող օրերուն դարձեալ      լիբանանեան լրահոսի  հիմնական  օրակարգ մ կը դառնար, երբ       գաղթակայաին  զինեալ   խմբաւորումներէն ՝ «Իսպաթ ալ անսար» միաւորման երկու  զինեալներ  կը սպաննուէին:    Միաւորումը, որ մինչեւ այս պահը կը սպասէ      սպաննութիւնը կատարող   երկու զինեալներու յանձնումը    յայտարարած է, որ գաղթակայանը հանգիստ  պիտի չունենայ  այնքան ժամանակ, որ երկու  զինեալները չեն յանձնուած:

  Իր կարգին  «Էլ. Պի. Սի. Այ.»  կայանը      դէպքին մասին կարճ  ռէբորթաժ մը ներկայացնելով    կը  յայտնէր, որ «Իսպաթ ալ անսար»ի ղեկավարութիւնը  դէպքին  ամբողջական   պատասխանատուութիւնը  կը  դնէ «Ֆաթհ»  շարժումի ուսերուն:

Լիբանանի ապահովական մարմիններուն համար  ալ գաղթակայանը կը համարուի բաւական  խորունկ արմատներ ունեցող  «ապահովական կղզեակ» մը, ուր   իրենց «հանգիստ»ը  գտած են իրաւապահ մարմիններէ  խոյս տուած տասնեակ  մեղադրեալներ:

  Լիբանանեան բանակը, որ  մօտէն կը հետեւի     գաղթակայանին մէջ  ընթացող  զարգացումներուն    երէկ ( ըստ նոյն  աղբիւրին)  գաղթակայանի պատասխանտու մարմիններէն     պահանջած է          իրաւապահ մարմիններուն  յանձնել բոլոր անօրէնները:

 

Ի դէպ  արագ  պատմական մը ընելով  պէտք է   յիշեցել, որ մինչ  մօտիկ  անցեալին   գաղթակայանին մէջ գործող  հիմնական  ուժերը  կը ներկայացնէին  պաղեստինեան   ոչ կրօնական   թեքում  խմբաւորումները,  որոնց  գլխաւորներն   են  «Ֆաթհ»ն ու «Պաղեստինի  ազատագրութեան  բանակ»ը  այսօր  պատկերը  բաւական տարբեր է:  Անցնող տարիներուն եւ յատկապէս  (պաղեստինեան  Կազայի մէջ) «Համաս»  շարժումի  հրապարակ  գալէն ետք       կրօնական թեքում ունեցող  այդ  խմբաւորումը  իր  հետեւորդները  կ'ունենար նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր  կը յայտնուին տարբեր անուններ  կրող  իսլամական տասնեակ  խմբաւորումներ:

 Ներկայիս  մինչ  «Ֆաթհ» կը համարուի     Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի   հետեւորդ  հիմնական ուժ    «Այն ալ հըլուէ»ի ու տարբեր գաղլականներուն մէջ  աճած են ռատիքալիստ տասնեակ խմբաւորումներ, որոնց մէջ կան   նաեւ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցած     զինեալներ: Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ   սիւննի   թեքում ունեցող         խմբաւորումները        կարեւոր խաղաքարտ  կրնան  հանդիսամալ  բոլոր այն  կողմերուն համար, որ   պիտի ուզեն    ներ- լիբանանեան գետնի  վրայ նոր ցնցումներ յառաջացնել: Բաւական   դժուարին կացութեան  մէջ  է  Լիբանանի նորակազմ  կառավարութիւնը, որուն համար    երկրի  մէջ եղող «ապահովական կղզիակ»ները միշտ ալ գլխու ցաւ  կրնան պատճառել այնքան ատեն, որ    այդ գաղթակայանները կը հանդիսանան բանակի տիրապետութիւնէն դուրս գտնուող    անօրինական  կղզեակներ: