image

Աւստրիա ընտրած է իր նոր նախագահը

Աւստրիա ընտրած է իր նոր նախագահը

Կիրակի կայացած նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած աւստրիացիներու մեծ մասը իրենց ձայնը տուած են «կանաչներ»ու կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Ալեքսանտր Վան տէր Պելենի օգտին, կը յայտնէ ria.ru-ն՝ մանրամասնելով, որ այսպիսով՝ անոր մրցակից Նորպերթ Հոֆէրը 2-րդ անգամ ըլլալով պարտութիւն կրած է: 72-ամեայ փրոֆէսոր Պելենի օգտին քուէարկած է ընտրողներու 51.7%-ը, որու արդիւնքով ան Հոֆէրին գերազանցած է 3.4%-ով:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ տակաւին չեն հաշուուած ժամանակէն շուտ քուէարկողներու ձայները, այնուհանդերձ՝ Պելենի յաղթանակը ընդունած են թէ՛ տեղի իշխանութիւնները, թէ՛ շարք մը օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներ: