Մարտ 24-էն 30-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը շուրջ 170 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1000 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնային գիծի բոլոր ուղղութիւններով` շարունակելով իրականացնել արդիւնաւէտ մարտական հերթապահութիւն:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն