«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ․ ««Ժողովուրդ» օրաթերթի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ՊՆ արդէն նախկին մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը պիտի նշանակուի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի ռազմական բաժնի պետ:
Յիշեցնենք, որ օրերս ան գրած էր. «Շնորհակալ եմ ՀՀ ԶՈՒ-ի իւրաքաչիւր զինուորին եւ սպային, որ լիազօրուած եղած են եւ պատիւ ունեցած են հանրութեան ներկայացնել անոնց շահերը: Շնորհակալ եմ բոլոր լրատուամիջոցներուն համատեղ աշխատելու համար:
Ծառայութեան 23 տարիներու ընթացքին երազած եմ զբաղուիլ ռազմական կրթութեամբ: Ուրախ եմ, որ իմ ծառայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈւ-ի մէջ պիտի շարունակեմ ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ: Կը ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան»: