ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի ծնողները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին կը յայտնէ ArmLur.am-ը:
Ըստ աղբիւրի տեղեկութիւններուն` վերջիններս կը գտնուին Երեւանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցը: Նախարարի ծնողներուն առողջական վիճակը լաւ է:
Կայքը տեղեկութիւնը փորձած է ճշդել ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանէն, պարզելու համար նաեւ, թէ արդեօք նախարարը շփումներ ունեցած է ծնողներուն հետ, թէ ոչ.
«Նախարարի անձնական կեանքի վերաբերեալ հարցերը չեմ մեկնաբաներ»,- եզրափակած է խօսնակը: