image

Արեւելեան Ղութայէն ետք ... Սուրիական բանակը դէպի ո՞ւր

Արեւելեան Ղութայէն ետք ... Սուրիական բանակը դէպի ո՞ւր

Լրատուական դաշտին մէջ ներկայիս ամենաշատ հնչող հարցադրումը եղած է այն, թէ Արեւելեան Ղութայի մարտերէն ետք, որ մօտեցած է իր աւարտին՝ Սուրիական բանակը ինչ ուղղութեամբ առաջ պիտի շարժի:

«Քաթիխուն» կեդրոնի յօդուածագիր Մհրան Կուաթրոֆ այս հարցին անդրադարձող իր յօդուածին մէջ գրած է, որ պէտք է լաւ կարդալ դաշտային ամբողջական իրականութիւնը, գիտնալու համար երեք կարեւոր ճակատները, որոնք կրնան դառնալ սուրիական բանակի յաջորդ ուղղութիւնը եւ որոնք, ըստ յօդուածագրին՝ երեքն են.-

Առաջինը Հարաւային ճակատն է՝ Քունայթիրա եւ Տարհա, ուր լարուածութիւնը մեղմացած է, յատկապէս իսրայէլեան օդանաւի ջախջախումէն ետք, հակառակ իսրայէլի կողմնակիցներու կողմէ ձեռքբերումներ արձանագրելու բոլոր ձախող փորձերուն:

Երկրորդը `Հիւսիս-արեւմտեան ճակատն է, որ երկու մաս ունի` Իտլիպը, ուր տարբեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կուտակուած է, եւ՝ Աֆրինը, թրքական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած քաղաքը:

Իսկ երրորդը՝ Եփրատի արեւելեան ճակատի կռիւն է, որ կը ներառէ ամերիկեան զօրակայաններ տեղադրուած շրջանները, որոնց թիւը հասած է 14 կայանի եւ որոնք կ'երկարին հիւսիսային Մընպէճէն դէպի արեւելեան Ռաքքա, հասնելով հարաւային Թանաֆ եւ ունի մօտ 2000  ամերիկացի զինուոր, ինչպէս նաեւ «Քաստ» քրտական ուժերու զինեալները,  որոնց թիւը կը հասնի 30 հազարի:

Յօդուածագրի կարծիքով, Ղութայնէ ետք սուրիական բանակի ամենահաւանական ուղղութիւնը՝ հիւսիս-արեւմտեան ճակատն է, այսինքն՝ Իտլիպ ապա Աֆրին եւ ոչ թէ հարաւային Սուրիան, որովհետեւ Իտլիպի մէջ ներկայիս համախմբուած է ծայրայեղական ահաբեկիչներու ամենամեծ խմբաւորումը: