Արցախի մէջ վիրաւորուած զինծառայողները ուղղաթիռով Երեւան փոխադրուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը Tert.am-ին կը փոխանցէ «Էրէբունի» բժշկակակն կեդրոնի մամլոյ խօսնակ ՝ Շուշան Յունանեանը: Ան նաեւ յայտնած է, թէ վիրաւորեալ զինուորները պիտի տարուին «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոց: Միւս կողմէ եւ ըստ Razm.info կայքին Մարտունի շրջանին մէջ ազրպէյճանեան կրակով վիրաւորուած երեխաները ենթարկուած են վիրաբուժման գործողութեան եւ անոնց վիճակը կը մնայ ծանր կայուն: