image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ «Քորոնա»ի 10 նոր պարագաներ

Արցախի մէջ «Քորոնա»ի 10 նոր պարագաներ

 

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Արցախի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 10 նոր դէպք: Վարակակիրներէն 4-ը Մարտակերտ քաղաքէն են, միեւնոյն ընտանիքի անդամներ եւ կը գտնուին մեկուսացման վայրը:

2 դէպք յայտնաբերուած է Ասկերան քաղաքի բնակիչներուն մօտ, որոնք վերադարձած են ՀՀ-էն եւ COVID -19 –ը հաստատուած է սահմանային անցակէտի մէջ ՊՇՌ քննութիւն յանձնելու հետեւանքով:

Միւս 4 նոր դէպքերը հաստատուած են Ստեփանակերտի բնակիչներու մօտ, որոնցմէ 3-ը նախապէս հաստատուած օճախի հետ շփուողներ են, իսկ 1-ն ալ նոր օճախէ է: Բոլոր վարակակիրներու շփման շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ կ'իրականացուին:

Ընդհանուր առմամբ, COVID-19-ը ախտորոշուած է 183 մարդու մօտ, որմէ 144-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 39, ընդհանուր մեկուսացուած է 80 քաղաքացի:
Մինչ այսօր իրականացուած է 4 081 փորձանմուշի հետազօտութիւն: