Արցախի մէջ 28 սեպտեմբերին, մահացու հրազէնային վիրաւորումէն մահացած 20-ամեայ Արման Լեւոնեանը Արագածոտնի մարզի Օհանաւան համայնքէն էր։
Արմանի դասղեկը՝ Վաչիկ Ասատրեանը, NEWS.am-ին պատմած է, որ Արմանը աշնան պիտի զօրացրուէր, անոր բոլոր ճանչցողները ցնցուած են կատարուածէն:
«Շատ մեծ մարդ կորսնցուցած ենք, որ պէտք է շատ մեծ ապագայ ունենար, թագաւոր տղայ կորսնցուցած ենք։ Շատ դաստիարակուած աշակերտ էր, հրաշալի տղայ, խոհեմ, խելացի, ուշիմ»,- ըսած է ան:
Արմանը տան կրտսերն էր, աւագ եղբայր ունի։ Ընտանիքը կը զբաղուի գիւղատնտեսութեամբ:
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ 28 սեպտեմբերին` ժամը 06:50-ի մօտերը, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնած Արման Արմէնի Լեւոնեանը: Դէպքի առթիւ երրորդ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուաածի 1-ին մասով (սպանութիւն) յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն:



