image

Արաբական գագաթնաժողովը Նուաքշոթի մէջ կեդրոնացած է ահաբեկչութեան եւ Պաղեստինեան դատին վրայ

Արաբական գագաթնաժողովը Նուաքշոթի մէջ կեդրոնացած է ահաբեկչութեան եւ Պաղեստինեան դատին վրայ

Մորիթանիոյ մայրաքաղաք Նուաքշոթի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Արաբական լիկայի հերթական գագաթնաժողովը, որուն մասնակցած են արաբական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ: Գագաթնաժողովէն կը բացակայէին Եգիպտոսի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Մարոքի, Թունուզի, Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի գլխաւոր ղեկավարները: Տեղի ունեցած քննարկումները կեդրոնացած էին շրջանին մէջ ահաբեկչութեան հարցին եւ Պաղեստինեան դատին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններու եւ շրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն Իրանի միջամտութիւններուն:

Բացի այդ, գագաթնաժողովը դարձեալ Իսրայէլին կոչ ուղղեց ստորագրելու հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող համաձայնութիւնը եւ իր հիւլէական կեդրոններու միջազգային հսկողութիւնը արտօնելու: