image

«Անհրաժեշտ է վերադառնալ եւ արագ անցնիլ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն».Արայիկ Յարութիւնեան

«Անհրաժեշտ է վերադառնալ եւ արագ անցնիլ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն».Արայիկ Յարութիւնեան

Մայիս 10-ին Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Շուշի եւ հանդիպում ունեցած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով Մարտակերտի շրջանի տարբեր բնակավայրերէ տարհանուած եւ բերդաքաղաք ապաստանած խումբ մը բնակիչներու հետ, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը: Վարչապետին ուղեկցած են Արցախի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարը, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի եւ Շուշիի շրջանի վարչակազմերու ղեկավարները: Վարչապետը ծանօթացած է տեղահանուած քաղաքացիներու բնակութեան կենսապայմաններուն եւ քննարկած է անոնց վերադարձի հետ կապուած շարք մը հարցեր: Վարչապետը, բացի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերէն, միւս համայնքներու բնակիչներուն կոչ ըրած է վերադառնալ իրենց օճախները, նշելով, որ վտանգներու հիմքեր չկան, եւ իրավիճակը իրենց վերահսկողութեան տակ է: Ան նաեւ հաստատած է, որ «վերականգնողական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, եւ կորուստներ կրած քաղաքացիներուն համապատասխան փոխհատուցում պիտի տրամադրուի»,- շեշտելով վերադառնալու եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն արագ անցնելու անհրաժեշտութիւնը: