image

Անգարա մտադիր է բանտարկել Սուրիացի քիւրտ ղեկավար Սալէհ Մոսլէմը

Անգարա մտադիր է բանտարկել Սուրիացի քիւրտ ղեկավար Սալէհ Մոսլէմը

Անգարա 30 տարուան բանտարկութեան պատիժ պահանջեց Սուրիոյ պատերազմին մասնակից YPG -ի ղեկավարներէն Սալէհ Մոսլէմի դէմ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ ոճրադատ ատեանը Մոսլէմն ու այլ 67 քիւրտ գործիչներու դէմ տարբեր ժամկէտներով բանտարկութեան պատիժ պահանջած է զանոնք մեղադրելով Անգարայի մէջ ահաբեկչկան գործողութիւններ կազմակերպելու ծանր մեղադրանքով:

 Նշենք, որ այս տարուան մարտին Անգարայի մէջ կատարուած ահաբեկչական պայթումի մը պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր PKK-էն տարանջատուած «Քիւրտիստատնի ազատութեան արծիւներ» կազմակերպութիւնը: