Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ բանակը յաջողած է, առանց լուրջ պատերազմական գործողութիւններու, իր տիրապետութեան տակ վերցել մեծ թիւով շրջաններ:
Ըստ «Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցած տեղեկութիւններուն, նշուած շրջաններէն են Արեւելեան Քալամունը, Դամասկոսի որոշ թաղամասեր, Տումա քաղաքը, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Հոմսի շարք մը քաղաքներ եւ շրջաններ:
Ներկայիս բանակը կը շարժի դէպի Դամասկոսի հարաւը գտնուող Ալ Եարմուք գաղթակայան, որ կը համարուի «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուող վերջին կէտը:
Այս առթիւ նշուած է, որ օրերս բանակցութիւններ տեղի կ'ունենան Անգարայի, Թեհրանի եւ Մոսկուայի միջեւ, նպատակ ունենալով վերականգնել Հալէպ – Սուրիա մայրուղիի, յատկապէս Իտլիպէն անցնող հատուածի, անվտանգութիւնը:
Բանակցութիւններու յաջող աւարտի պարագային, Իտլիպի մէկ երրորդը Սուրիոյ բանակի կամ դաշնակից ուժերու տիրապետութեան տակ անցած պիտի ըլլայ, այդպիսով իր տիրապերութեան տակ վերցուցած ըլլալով նաեւ տարբեր նահանգներ իրար կապող Սուրիոյ բոլոր գլխաւոր մայրուղիները: