Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին, Հասաքէ, Ռաքքա եւ Տէր Զօր նահանգներուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի արուարձաններուն մէջ տարածուած ամերիկեան ուժերը արդիական սարքերու միջոցով գաղտնի ունկնդրութիւն կ'իրականացնեն, հետեւելով սուրիացի սպաներու հեռախօսային զրոյցներուն: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Կայքին փոխանցմամբ, ԱՄՆ ուժերը կը հետեւին նոյնիսկ Սուրիոյ նախագահ Ասատի եւ իր զինուորականներու միջեւ տեղի ունեցած զրոյցներուն, սուրիական եւ իրանեան բանակի, «Հըզպալլա»ի եւ Ռուսիոյ բանակի միջեւ հեռախօսային կապերուն:
Նշուած է նաեւ, որ ԱՄՆ բանակը Հասաքէ նահանգին մէջ գաղտնի ունկնդրութեան խոշոր կեդրոն հիմնած է, ուր 68 պաշտօնեայ կ'ունկնդրեն ու կը վերծանեն ռուսերէն, պարսկերէն, թրքերէն, քրտերէն ու արաբերէն լեզուներով կատարուած հեռախօսազրոյցները, որմէ ետք գրի առնելով ձեռք բերոած տեղեկութիւնները կը տեղեկանան յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին: