image

Ամերիկեան դատարանը մէկ միլիոն տոլարի տուգանք կը սահմանէ Ֆէյրուզի դէմ

Ամերիկեան դատարանը մէկ միլիոն տոլարի տուգանք կը սահմանէ Ֆէյրուզի դէմ

Ամերիկեան Քոննեքթիքաթ նահանգի դատարանը արաբական երգարուեստի մեծագոյն դէմքերէն Ֆէյրուզի դէմ մէկ միլիոն տոլարի տուգանք սահմանած է, կը գրէ «Ալ Սաֆիր» թերթը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ տուգանքին պատճառը 2009 թուականին Քոննեքթիքաթ նահանգին մէջ Ֆէյրուզի համերգին վերաբերեալ ծագած տարակարծութիւնն է, որ վնաս պաճառած էր երկու արաբներու եւ մէկ ամերիկացիի քաղաքացիական եւ նիւթական իրաւունքներուն:

Դատարանի վճիռով Ֆէյրուզին դէմ սահմանուած է 800 հազար տոլարի տուգանք՝ ներառեալ տոկոսներն ու դատական ծախսերը, այսինքն՝ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար:

Ներկայիս երգչուհիին պիտի յանձնուի լիբանանեան դատարանին կողմէ օտարերկրեայ դատարանի որոշումը գործադրելու պատշաճեցուած բանաձեւը:

Յիշենք, որ նշուած դատական գործի առնչութեամբ Ֆէյրուզ ԱՄՆ-ի մէջ ներկայացուցած էր իր ինքնապաշտպանական ճառը, որմէ ետք դատավճիռը հրապարակուած էր ի շահ բողոքարկու կողմին: