Երէկ, 16 Մարտին, ռազմական օդանաւէ արձակած հրթիռը 42 կեանք խլած է: Այս մասին կը գրէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով, որ հրթիռակոծման ենթարկուած մզկիթը կը գտնուի Հալէպի արեւմտեան արուարձանի Ալ Ճինա գիւղին մէջ, ուր երեկոյեան աղօթքի պահուն հաւաքուած հաւատացեալներէն 42-ը զոհուած են, եւ աւելի քան հարիւր անձ վիրաւորուած:
Նշենք, որ ԱՄՆ Զինուած Ուժերու հրամանատարութիւնը աւելի ուշ հաստատած է իր կողմէ Սուրիոյ հարաւային շրջաններու հրթիռակոծումը, միաժամանակ հերքելով Հալէպի արուարձանին մէջ գտնուող մզկիթը դիտմամբ որպէս թիրախ ունեցած ըլլալը:
ԱՄՆ Զինուած Ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան մամլոյ խօսնակ Ճոն Թոմաս յայտարարած է. «Մեր թիրախը մզկիթը չէր, սակայն այն շէնքը, ուր մեծ թիւով «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման անդամներ կը գտնուէին, նշուած մզկիթէն ընդամէնը 15 մեթր հեռաւորութեան վրայ է, եւ այն տակաւին կանգուն է»:
Նշենք, որ Հալէպի արեւմտեան արուարձանի մեծ մասը, այդ թուին նաեւ Հալէպ քաղաքէն 30քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ալ Ճինա գիւղը կը գտնուի իսլամ ծայրայեղականներու եւ սուրիացի ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ: