image

Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւան Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ

Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւան Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեքշաբթի ստորագրած է իր կնոջ՝ Մեհրիպան Ալիեւային, Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ նշանակելու վերաբերեալ հրամանագիր, կը տեղեկացնէ է «Թրէնտ» գործակալութիւնը:


Յիշեցնենք, որ 26 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի մէջ կայացած էր երկրի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ հանրաքուէ:


Սահմանադրական փոփոխութիւններով կը նախատեսուի նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը հինգ տարիէն եօթի երկարաձգել, ներդնել առաջին փոխնախագահի եւ փոխնախագահներու պաշտօններ, ինչպէս նաեւ նուազեցնել երկրի նախագահի եւ պատգամաւորի թեկնածուներու համար գործող տարիքային շեմը: