Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ատէլ Ժուպայր Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց ռուսաստանեան RT կայանը՝ վկայակոչելով Ժընեւի իր լրագրողին խօսքերը: Ըստ լրագրողին, Ատէլ Ժուպայր յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահը պիտի շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ: Ան նաեւ յորդորած է բանակցութեան մասնակցող ընդդիմադիրներուն նոր լուծում գտնել այդ փաստը նկատի ունենալով: Ան հաստատած է, որ Ասատ պիտի մնայ անցումային շրջանին: