Իրաք- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Թէ ինչ կը սպասուի Իրաքի մէջ մասնաւորապէս «Ալ Քարրատա» շրջանին մէջ եղած ահաբեկչական պայթումներէն ետք դեռ պարզ չէ, յստակ է սակայն, որ Պաղտատի մէջ քաղաքական նոր խմորումներ կը կատարուին: Այս մասին այսօր գրած է Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ»ը նշելով, որ պայթումներէն ետք երկրին մէջ գործող Շիիթ կարեւոր ուժեր մտադիր են քաղաքական նոր օրակարգ ստեղծել: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Իրաքի նախկին վարչապետ Նուրի Ալ Մալէքի, որ օրեր առաջ խօսած էր BBC Arabic կայանին նպատակ ունի դարձեալ քաղաքական դաշտ մուտք գործել: Իրաքեան աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ երկրի Շիիթ առաջնորդ եւ «Սատըրական» շարժումի ղեկավար Մուքտթատա Ալ Սատըր նոյնպէս մտադիր է եղած ահաբեկչութեան թեման խաղաքարտ դարձնելով քննադատել գործող կառավարութիւնն ու գործնական կոչերով հանդէս գալ: Իր կարգին վարչապետ Հայտար Ապատի, որ պայթումէն ժամեր անց դէպքի վայր այցելած էր հրաման արձակած էր արագօրէն հարցաքննութեան կանչել այդ շրջանի ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Մեծն Բրիտանիայէն Իրաք ներմուծուած եւ լարուած ականներ յայտնաբերող յատուկ սարքերը, որոնց համար Պաղտատ վճարած էր աւելի 40 միլիոն ամերիկեան տոլար վարչապետին հրամանով դադրեցուած են աշխատանքէ: Իրենց կարգին բրիտանական մարմիններ եւս քննութիւն բացած են այդ սարքերուն անգործութեան վերաբերեալ: Նշենք, որ «Ալ Քարատա»ի պայթումը կը համարուի 2016 տարուան ընթացքին կատարուած մեծագոյն ահաբեկչութիւնը եւ պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 200-ի: