image

Ականի Պայթում Արսէլի Մէջ. Զոհուած է Լիբանանեան Բանակի Մէկ Զինուոր

Ականի  Պայթում Արսէլի Մէջ.  Զոհուած է Լիբանանեան Բանակի Մէկ Զինուոր

Լիբանանեան Արսէլ  աւանին մէջ   պայթած  ականի մը հետեւանքով   զոհուած  է    լիբանանեան բանակի մէկ միաւոր  եւ  ինկած  են 3  վիրաւորներ:   Դէպքը պատահած է Ուատի Ալ Արնապ շրջանին մէջ, երբ   բանակի  շարասիւն մը հերթական ապահովական    հսկողութիւն  կը կատարէր:  Արսէլ շրջանի  լեռնային  հատուածներուն մէջ կան Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման դիրքեր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ վիրաւորեալներուն մէջ կայ   բանակի սպայ մը: