Լիբանանեան Արսէլ աւանին մէջ պայթած ականի մը հետեւանքով զոհուած է լիբանանեան բանակի մէկ միաւոր եւ ինկած են 3 վիրաւորներ: Դէպքը պատահած է Ուատի Ալ Արնապ շրջանին մէջ, երբ բանակի շարասիւն մը հերթական ապահովական հսկողութիւն կը կատարէր: Արսէլ շրջանի լեռնային հատուածներուն մէջ կան Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման դիրքեր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ վիրաւորեալներուն մէջ կայ բանակի սպայ մը: