image

Ահաբեկիչներ մտադրած էին ականել Քուէյթի Մզկիթներէն մին

Ահաբեկիչներ մտադրած էին ականել Քուէյթի Մզկիթներէն մին

Քուէյթ (Լրատուական   ծառայութիւններ, Future TV-Պէյրութ)-Քուէյթի ապահովական մարմիններ յաջողած են  երկրին դէմ պատրաստուող ահաբեկչական  յարձակումներ կանխել: Այս մասին լուրը  փոխանցող աղբիւրներ  նոյնպէս նշած են, որ ապահովական մարմիններ անցնող ժամերուն յաջողած են ձերբակալել երեք ահաբեկչական բջիջներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ յարձակում նախապատրաստողները նպատակ ունէին ականել քաղաքի գլխաւոր մզկիթներէն  մէկը:  Լիբանանեան կայանին  հաղորդմամբ,  ահաբեկչական  բջիջներու անդամներուն   մեծ մասը քուէյթցիներ են, եւ անոնք կապ   ունին Տահէշ  խմբաւորումին հետ: